|
«Զի՞ ննջէք, արիք, կացէք յաղօթս՝ զի մի մտանիցէք ի փորձութիւն»:
Փորձութեան մէջ ենք փաստօրէն: Կը թերանանք մնալ արթուն պահակները հայրենեաց հողին ու մեր քրիստոնէական հաւատքին: 101-րդ տարեդարձը Հայոց Ցեղասպանութեան կարծէք սովորական թուական մըն է արդէն դարձած: Եթէ մեր սպասումն է որ Հայրենիքը դառնայ յաւերժական ներկայութիւն ժողովուրդներու մեծ ընտանիքի թատերաբեմին վրայ, ապա աղօթքը պիտի դարձնենք մնայուն ուղին մեր կեանքին: Մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը պիտի տօնախմբենք նորովի ուխտ մը կատարելով: Մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքը պիտի դարձնենք բառին լման առումով պատարագում ու պայքար: Մեր կոչումը պիտի ըլլայ մշտապէս կապուած մնալ մեր Մայր Երկրին ու Սբ. Էջմիածնին, եթէ երբէք կ’ուզենք անաղարտ պահել մեր ինքնութիւնը: Եւ եթէ մեր մէջ կը տկարանայ այս կոչումը, ապա փորձութեան մէջ ենք արդէն: Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը, մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերու տօնախմբութիւնը մեզ կը հրաւիրէ աղօթքի, որպէսզի ապրինք նորոգեալ հաւատքով, ազգային գիտակցութեամբ, հայրենական տեսիլքով, համամարդկային արժէքներու ձեռքբերումով, ներքին միաբանութեամբ, ազգի կեանքի քաղաքական ու տնտեսական, յստակ ռազմավարութեամբ: Հայաստանը մեր ինքնութեան ակունքն է եւ Սփիւռքը՝ իր կեանքը կ’ապահովէ միայն Մայր Հայաստանով: Ուրեմն մեր մտասեւեռման կէտը պիտի դարձնենք Մայր Հայաստանը եւ պիտի ապրինք այնպիսի կեանքով մը, որ ամրացնէ մեր ինքնու-թիւնը եւ անով իսկ գալիք սերունդներու կեանքին նպատակ ու առաքելութիւն հաղորդող Հայաստանը:
Փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ որ բոլորիս շնորհած է կեանք: Տրուած կեանքը աւելի գեղեցկացնելու հրաւէրին պատասխանենք աղօթքի կեանքով, որպէսզի փորձութեան մէջ չտանինք այդ:
«Կացէք յաղօթս՝ զի մի մտանիցէք ի փորձութիւն»:
|