Թեմ
Հրապարակված է: 12/12/2024
Տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, նոր տարուայ եւ սուրբ ծննդեան յատուկ տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճէլըսի «Արարատ» Տան մէջ, ներկայութեամբ պատասխանատոգներուն եւ մեր տարեց հայրերուն ու մայրերուն: Տօնախմբութեան ներկայ գտնուեցաւ Արեւմետան Թեմի Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վրդ. Աբգարեան, որ շնորհաւորեց «Արարատ» Տան տարեցները, տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, բոլորին փոխանցելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեանի արեւշատութեան բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները: Հայր Սուրբը Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը փոխանցելէ ետք, տարեցներուն սրտերը ողողուեցան յատուկ յայտագրով, որ կ՛ընդգրկէր Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան շարականներ ու երգեր:
Ողջ տարուայ ընթացքին, զանազան առիթներով Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր հովիւներ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնարարաութեամբ կ՛այցելեն «Արարատ» Տան տարեցներուն անոնց բաղխելով հովուական օրհնութիւն եւ մաղթելով քաջառողջութիւն եւնարեւշատ օրեր:
Դիւան Առաջնորդարանի
Դեկտեմբեր 9, 2024