Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ուխտագնացութիւն Դէպի Ս. Անտոնի Վանք

Թեմ

Հրապարակված է: 06/10/2016


ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ Ս. ԱՆՏՈՆԻ ՎԱՆՔ
“Թող իւրաքանչիւր ուխտաւորի սրտէն ու հոգիէն բղխած աղօթքը անուշաբոյր խունկ եւ հոգեւոր ընդունելի պատարագ ըլլայ Քեզի, ով երկնաւոր Հայր: Շնորհէ որ իրենց կեանքի օրերը ապրին Քու սուրբ երկիւղովդ, եւ Քու սիրոյդ թարգմանը ըլլան իրենց շրջապատին մէջ իբրեւ լոյս եւ աղ, լուսաւորելու եւ համեմելու”:
    Այս աղօթք-մաղթանքով վերադարձան ուխտաւորները Յունիս 4, 2016, երեկոյեան ժամը 7:00ին Առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար:
    Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Աստուածաշունչի Սերտողութեան Խումբին, Շաբաթ, Յունիս 4, 2016, առաւօտեան ժամը 8:00ին խումբ մը հաւատացեալներ, թիւով 160, մեկնեցան դէպի Ղպտի Եկեղեցւոյ պատկան Ս. Անտոն Անապատականի վանքը իբրեւ ուխտաւորներ: Ս. Անտոնի վանքը կը գտնուի Barstow-ի շրջան:
    Առաւօտեան ժամը 7:30ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք խնդրելու Աստուծմէ, որ “Ընդունի ուխտաւորներուն հոգիներէն ցայտող պաշտամունքի եւ աղօթքի ջերմ բառերը, եւ ուղեկից ըլլալ իրենց, որոնք կը պատրաստուին երթալու մասնակից ու հաղորդակից դառնալու մեր հայրերու հաւատքին: Այս առիթով աւելցնելու անոնց հաւատքը, յոյսն ու սէրը, եւ լեցուելու Ս. Հոգիի եօթնարփեան շնորհքներով, միշտ փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը”:
    Ճանապարհի ընթացքին, ուխտաւորները առիթը ունեցան երգելու հոգեւոր երգեր ու շարականներ եւ աղօթելու ըստ այնմ պատրաստուելու ուխտագնացութեան: Ուխտաւորները հասան Ս. Անտոնի վանք եւ պատրաստուեցան մասնակցելու Ս. Պատարագի խորհուրդին: Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ Էյլէնճեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին նոյնինքն ուխտաւորները: Տ. Սերովբէ քահանան օրուան պատգամը փոխանցեց քաջալերելով ուխտաւորները իրենց հաւատքը ամուր ու հաստատ պահելու եւ զայն գործքով արտայայտելու:
    Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան աղօթք: Ապա ուխտաւորները սիրոյ ճաշի սեղանի շուրջ ունեցան մտերմիկ պահ: Որմէ ետք առիթը ունեցան այցելելու վանքի համալիրէն ներս գտնուող փոքր մատուռը իրենց առանձնակի աղօթքը ընելու եւ իրենց ուխտը վերանորոգելու Աստուծոյ հետ:
    Ուխտաւորները վերադարձան խաղաղութեամբ:  
          
Ս. ԱՆՏՈՆԻ ՎԱՆՔԸ
    1972 թուականին հողաշերտ մը կը գնուի Newberry Springs, CA շրջանին մէջ: 1973 Նոյեմբեր ամսուն առաջին պատարագը կը մատուցուի: 
    1989 թուականին, Պապա Շնուտա Պատրիարքը 4 վանականներ կը ղրկէ որպէսզի Ամերիկայի մէջ վանական կեանքը սկսի: 1993 թուականին Ղպտի եկեղեցւոյ Սինոտին կողմէ Ս. Անտոն վանքը կը ճանչցուի որպէս առաջին Վանքը Եգիպտոսէն դուրս: 
    Համալիրը ունի Ս. Անտոնի մատուռը, ինչպէս նաեւ Ս. Մինասի եւ Ս. Ապանուպ մատուռները: Ս. Մովսէս Եկեղեցին, Ղպտի եկեղեցւոյ ճարտարապետութեամբ, որու կառոյցը աւարտեցաւ 2012 թուականին: 

Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները