Նվիրաբերել

Երկակի Օրհնութիւն Սան Տիեկոյի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Թեմ

Հրապարակված է: 10/02/2025


Երկակի Օրհնութիւն Սան Տիեկոյի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Սեպտեմբերի 28, 2025-ին, Սան Տիեկոյի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական Եկեղեցին օրհնեալ օր մը ապրեցաւ՝ շնորհիւ երկու նշանակալի եւ հոգեպարար դէպքերու։ Արդարեւ երկակի օրհնութիւն էր մեր ծխական ընտանիքին համար։

Ս. Սարգիս Կիրակնօրեայ վարժարանն ու ուսուցչական կազմը առիթ ունեցաւ հիւրընկալելու Արեւմտեան Թեմի Շաբաթօրեայ Վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ՝ բարեշնորհ Յովհաննէս Սրկ. Գումրույեան, եւ երկարամեայ կրթական գործիչ՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, որոնք ժամանած էին հանդիպելու դպրոցի վարիչ եւ տնօրէն Տիկ. Թաթիանա Գէորգ Գարլսոնին եւ ուսուցիչներուն։

Նոյն օրը, հիւր էին նաեւ առաջնորդանիստ Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ արժանապատիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի, որոնք ծխական խորհրդի անդամներու հետ, ուխտաւորաբար եկած էին Սան Տիեկօ, սուրբ եւ անմահ պատարագին մասնակցելու։ Տ. Խաժակ պատարագեց եւ հոգեշունչ քարոզ կարդաց հաւատացեալ մեր համայնքին, իսկ Շնորհալի Երգչախումբի մասնակցութիւնը հոգեւոր շունչ եւ եղբայրական ջերմութիւն բերաւ մեր եկեղեցւոյ երգչախմբին։

Յովհաննէս Սարկաւագ եւ Դոկտ. Անդրէասեան ջերմօրէն ընդունուեցան դպրոցի տնօրէն՝ Տիկ. Թաթեանա Գարլսոնի, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ։ Յովհաննէս Սարկաւագ օրը բացաւ աղօթքով՝ մաղթելով աշակերտներուն արդիւնաւէտ ուսումնական տարի եւ ուսուցիչներուն՝ սիրով եւ նուիրումով ծառայելու ոգի։

Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, որ տարիներու ընթացքին նուիրեալ կերպով մշակած է հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիրներ՝ ի նպաստ օտար լեզուի մէջ հայերէն չգիտցող աշակերտներու, ունեցած է շինիչ զրոյց մը ուսուցիչներուն հետ։ Ան բաժնեկցեց նորագոյն կրթական մօտեցումներ եւ գործնական խորհուրդներ՝ հայերէն լեզուի ուսուցման ժամանակակից մեթոտներու շուրջ։ Անոր տարիներու կամաւոր աշխատանքը գնահատելի է եւ ներշնչող։

Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեան, որ ամբողջ սրտով եւ հոգիով նուիրուած է շաբաթօրեայ վարժարաններու առաքելութեան, ընդգծեց հայկական դպրոցներու վերելքը անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին, նաեւ քաջալերեց Ս. Սարգիս Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցչական կազմը, զորն մի քանի տարիներէ ի վեր անխոնջ աշխատանք կը տանի վարժարանի առաքելութիւնը նորանոր բարձունքներու հասցնելու համար:

Պատարագէն ետք, մեր ժրաջան Տիկնանց Միութիւնը, այս առթիւ, փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էր: Սեղաններու օրհնութենէն ետք, ի ներկայութեան Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հայր Բագրատ Պերճեքեանի, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Դոկտ. Էտուարտ Ատուրեանի, Յովհաննէս Սրկ. Գումրույեան եւ Դոկտ. Անդրէասեան յատուկ գնահատականի արժանացուցին դպրոցի տնօրէնին, զայն բեմ հրաւիրելով, ստանալու Գնահատանքի Վկայական մը, տրուած Շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսչութեան կողմէ, ի նշան երախտագիտութեան՝ Տիկին Թաթեանայի բացառիկ նուիրուածութեան եւ ծառայութեան ի նպաստ՝ Ս․ Սարգիսի Կիրակնօրեայ Վարժարանին։

Յովհաննէս Սրկ. Գումրույեան, հրապարակաւ կարդաց վկայականին բովանդակութիւնը եւ զայն յանձնեց մեծարեալին։ Հայր Բագրատ խօսք առաւ այս առիթով եւ սրտանց շնորհաւորեց տնօրէնը իր անմնացորդ աշխատանքի եւ հաւատքով կատարուած ծառայութեան համար։

Օրն իր աւատրին հասաւ երախտագիտութեան խօսքերով՝ Հայր Բագրատի, Դոկտ. Ատուրեանի եւ Տիկ. Թաթեանա Գարլսոնի կողմէ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեանին եւ Դոկտ. Անդրէասեանին իրենց այցելութեան համար, կրկին տեսնուելու խոստումով։

Նման հանդիպումներ կամ այցելութիւններ, ոչ միայն կը խորացնեն մեր համայնքի հոգեւոր կեանքը, այլ նաեւ կը զօրացնեն մեր հայկական դաստիարակութեան առաքելութիւնը։ Թո՛ղ Աստուած օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք սիրով եւ հաւատքով կը ծառայեն մեր զաւակներուն եւ կ՛ապահովեն Հայերէն Լեզուի, Հաւատքին եւ Մշակոյթին մշտական շարունակութիւնը:

Թղթակցութիւնը Սան Տիեկոյի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները