Նվիրաբերել

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Այցելեց Հ.բ.ը.մ. Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարան

Թեմ

Հրապարակված է: 10/09/2025


Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարան

Սոյն թուականի Հոկտեմբեր 8-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանը ընկերակցութեամբ՝ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի եւ Գեւորգ Քհնյ. Աբեանի՝ այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարան:

Այցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը ջերմ ընդունելութիւն արժանացաւ Վարժարանի տնօրինութեան, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտներուն կողմէ։ Սրբազան Հայրը ժամանակ տրամադրեց անձնապէս հանդիպելու ուսուցիչներուն եւ աշխատակազմին հետ՝ արտայայտելով իր խորին գնահատանքը՝ անոնց նուիրումին համար։

Այցելութեան ամենայուզիչ պահերէն մէկը եղաւ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու աշակերտներուն եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն հետ անցուցած ժամանակը։ Սրբազան Հայրը այցելելով դասարնները ՝ խօսեց երեխաներուն հետ հաւատքի, բարութեան եւ իրենց հայկական ժառանգութեան կարեւորութեան մասին։ Հանդիպումներու աւարտին Սրբազան Հայրը աղօթեց աշակերտներուն հետ, փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը՝ զանոնք յորդորելով աճիլ սիրոյ, իմաստութեան եւ հաւատքի ոգիով։

Աշակերտները մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրեցին եւ մասնակցեցան աղօթքներուն՝ ակնյայտօրէն մեծ ուրախութիւն ապրելով Սրբազան Հօր ներկայութենէն։ Այցելութիւնը բարձրացուց աշակերտներու ոգին եւ ամէնուն յիշեցուց կրթութեան եւ հաւատքի միջեւ գոյութիւն ունեցող հզօր կապը։

Այցելութեան աւարտին՝ Վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիդ Ղուկասեանը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօրը այս այցելութեան եւ մշտամնայ հայրական հոգածութեան համար։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները