Նվիրաբերել

Գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Տարեկան Երրորդ Ընդհանուր Ժողովը

Թեմ

Հրապարակված է: 10/10/2025


ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Երեքշաբթի 7 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Առաջնորեադանէն ներս գումարուեցաւ Թեմի հոգեւորականաց միօրեայ ընդհանուր ժողովը, մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականաց դասուն:

Ժողովը բացուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ հայրական ողջոյնի խօսքով, հրաւիրելով բոլորը վերարժեւորելու եւ նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ լուսարձակի տակ առնելու հոգեւոր պարտականութիւններու բնականոն ընթացքը եւ սերտելու ժամանակի պահանջները, որպէսզի համապատասխան լուծումներ որոնելով առաւելագոյն չափով կատարուին ծուխերու եկեղեցական, հովուական, կրթական եւ մշակութային բոլոր նախաձեռնութիւնները։

Ժողովին ներկայ հոգեւորականները շնորհաւորեցին հովիւներուն, որոնց յօբելեանը լրացած էր այդ օր։ Տօնական տրամադրութեամբ շնորհաւորեցին նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին՝ անոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 35-ամեակի առիթով։ Պատրաստուած «տարեդարձի տորթը» կտրելիս Յովնան Սրբազանը յիշեց խորուն միտքը, թէ ինչպէս այն պէտք է կտրել ներքին աղօթքով։

Օրուայ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանը։

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը համաձայն օրակարգին, Սրբազան Հայրը ներկայացուց իր զեկոյցը։ Յովնան Սրբազանը յայտնեց, որ հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովը օրակարգի յատուկ կէտով պիտի անդրադառնայ  Առաջնորդարանի ռազմավարութեան եւ անոր լոյսի տակ ծուխերու ապագայ հեռանկարներու: Իր զեկոյցի մէջ անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի 100 ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն, քահանայից  թեկնածուներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան, Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Curriculum-ներուն գործադրութեան կարեւորութեան, Թեմական մակարդակով եկեղեցաշինութեան, դպրոցաշինութեան եւ Առաջնորդրանը երկյարկանի նոր կառոյցով օժտելու եւ շինարարական այլ ծրագիրներու, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հոգեւարակնաց մնայուն վերապատրաստութեան, սարկաւագաց դասընթացքներու, հովուական այցելութիւններուն, երիտասարդական եւ յարակից կառոյցներու գործունէութեանց, համացանցի ճամբով քարոզչութեան, Թեմի որդեգրած mission statement-ին եւ Արեւմտեան Թեմի նորարական երկարաժամկէտ ծրագիրներուն։ Իր զեկոյցին մէջ Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ ՀԵՀԵՄ-ի համահայկական առաքելութիւնը, անդրադարձ կատարեց Camp-ի հիմնադրութեան 60 ամեակի նշումին, հոգեւորականներուն հետ ունեցած առանձնակի եւ շրջանային հանդիպումներուն, սարկաւագաց եւ դպրաց ձեռնադրութիւններուն եւ երգչախումբերու ծառայական առաքելութեան, Արեւմտեան Թեմի հոգեւարականաց համար պատրաստուած տարեկան հովուական, ծիսական եւ ծխական ընդհանուր ուղեցոյցին եւ զանազան այլ նիւթերու։

Հոգեւորականաց ժողովի յաջորդ հանգրուանին ներկաներն ունկնդրեցին երեք կարեւոր զեկուցումներ հովուական եւ աստուածաբանական թեմաներու շուրջ։ Առաջնորդարանի աշխատակից Հայկ Մադոյեանը ներկայացուց սուրբգրային սերտողութեան դասընթացների կազմակերպման, ծրագրային կանոնաւորման հարցթը, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քահանայ Աշը ներկայացուց հոգեւոր քարոզչութեան մէջ արդի թեքնիկ միջոցների կիրառման հարցերը, այն համեմելով սեփական փորձով, Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանը խօսեց քարոզչական խնդիրներու մասին։

Բանախօսունթիններէ յետոյ ժողովի մասնակիցները քննարկումը շարունակեցին փոքր խմբերով՝ ի մի բերելով հնչած տեսակէտներն ու առաջարկները, որոնք ամփոփիչ նիստի ժամանակ ներկայացուցին խումբերու մոդերատորները։

Ընդմիջումէն եւ խմբանկարէն յետոյ Սրբազան Հայրը կարեւորեց Թեմի յառաջիկայ ռազմավարական ծրագիրներու վերաբերեալ պատրաստուած մասնաւոր թղթածրարը, (Implementation of 8 core principles), որուն շուրջ օրակարգի յաջորդ կէտով ելոյթ ունեցաւ Տիրան Աւագեան, որ նախ ընդգծեց, որ յիշեալ թղթածրարը պատրաստուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Արեւմտեան Թեմի բոլոր հոգեւոր հովիւներուն հետ իր առանձնակի հանիպումները աւարտելէ ետք, եւ որ իր մէջ կը բովանդակէ Թեմին նախաձեռնած ռազմավարական ապագայ ծրագիրները։  

Տիրան Աւագեան յայտնեց, որ նշուած թղթածրարի սկզբունքները Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի եւ բոլոր ծուխերու համատեղ առաքելութեան հիմքը կը կազմեն եւ կ՛ուղղորդեն յառաջիկայ տարիներու հաւաքական ջանքերը, որպէսզի իւրաքանչիւր ծուխ Առաջնորդարանի ապագայ ռազմավարութիւնը խտացնող այդ թղթածրարի ուղեգիծով առաջնորդուի ու անոր շուրջ կազմակերպէ իր համայնքային կեանքը։ Ան յայտնեց, որ թղթածրարին կցեալ հարցարաններուն նպատակն է ծուխերէն ներս մտորումներու, երկխօսութեան եւ ռազմավարական ներուժի խթանման առիթներ ստեղծել, ընբռնելու իւրաքանչիւր ծխական համայնքի աշխոյժ գործունէութիւնը, յառաջխաղացքը, մարտահրաւէրներն ու նուաճումները։ Ան բոլորի ուշադրութեան յանձնեց այն կարեւոր հանգամանքը, որ Բարձրաշնորհ Առաջնորդը իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու  աջակցութիւնը պիտի բերէ ի խնդիր ծուխերէն ներս նշեալ ռազմավարական թղթածրարի գործադրութեան։

Տիրան Աւագեանի ներկայացումէն ետք օրակարգային յաջորդ կէտով ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդարանի Վարիչ Տնօրէն Բարեշնորհ Յարութիւն Սարկաւագ Մարգարեան։ Ապա Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեան անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100 ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն, իսկ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեան ներկայացուց Արեւմտեան Թեմի երիտասարդական բաժանմունքի գործունէութիւնն ու ապագայ հեռանկարները։

Գնահատելով Թեմի հոգեւոր հովիւներու նուիրական ծառայութիւնը, Սրբազան Հայրը նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ առաւել պատասխանատուութեան ու պարտաճանաչութեան յորդորներ ուղղեց անոնց, ի մասնաւորի շեշտելով Աւետարանի քարոզչութեան, ծուխերէն ներս հովուական ու ծիսական կեանքի վերաշխուժացման, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը։ Սրբազանը կարեւորեց ժամանակակից   նոր մարտահրաւէրներու ու պահանջքներու լոյսին տակ Թեմին նախաձեռնած ռազմավարական թղթածրարի սկզբունէներու գործադրութիւնը, ի խնդիր հաւաքական, գործօն ու արդիւնաւէտ առաքելութեան։ Սրբազան Հայրը այս առթիւ գնահատեց բոլոր շրջաններու ծխական խորհուրներու եւ յարակից կառոյցներու եկեղեցաշէն գործունէութիւնը։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը, գլխաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր եւ համագործակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն ու ժողովականութեան, յառաջիկայ շրջանին եւս, նոյն նուիրումով եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ պիտի շարունակէ Աւետարանի քարոզչութեան, եկեղեցաշնութեան եւ դպրոցաշինութեան լայնածաւալ իր գործունէութիւնը, իր առաքելութեան կիզակէտը պահելով հոգեւոր կեանքը եւ զարկ տալով եկեղեցական ծիսական արարողութեանց համահունչ եւ միաձեւ կատարման, քաջալերելով երիտասարդութեան մասնակցութիւնը, ամրապնդելով Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու գնացքն ու վերելքը, Թեմէն ներս քահանայից նոր կոչումներ երաշխաւորելով, զարկ տալով քրիստոնէական դաստիարակութեան, Սուրբ Գրոց Սերտողութեանց եւ լսարաններու կազմակերպման։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց միօրեայ ընդհանուր ժողովը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: 

Դիւան Առաջնորդարանի 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները