Նվիրաբերել

Պետական Արտօնագրի Ստացումէն Ետք Մեծ Թափով Սկիզբ Կ՛Առնեն Կլէնտըլի Նոր Համալիրի Եւ Եկեղեցւոյ Շինարարական Աշխատանքները

Թեմ

Հրապարակված է: 10/10/2025


ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐՏՕՆԱԳՐԻ ՍՏԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ ՍԿԻԶԲ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԿԼԷՆՏԸԼԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Այսու գրով մեծ ուրախութեամբ եւ հոգեկան անհուն խնդութեամբ կու գանք Կլէնտըլի հայահոծ հայութեան յայտնելու, որ յետ պետական արտօնագրի ձեռքբերման մեծ խանդավառութեամբ ու թափով սկիզբ առին համալիրի եւ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները։ Երկար սպասուած պետական սոյն համաձայնութեան ճամբով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ  Թեմական մաշտապով տարուող հսկայական ծրագիրներուն մէջ մեծ եւ նոր իրագործում մը կ՛արձանագրուի, ի խնդիր հաւատքի եւ հոգեմտաւոր մեր արժէքներու պահպանութեան եւ ներկայ եւ գալիք սերունդներուն հայեցի ու քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան եւ կրթութեան։

Սուրբ Գիրքի համարներէն մէջբերելով կը վերյիշենք Եկեղեցւոյ մասին Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներուն գրած հետեւեալ պատգամը․-        
«Առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է» (2:20): Արդարեւ, Կլէնտըլի նոր  համալիրի եւ բոլորի հոգեւոր տան՝ եկեղեցւոյ հովանու ներքոյ պիտի համախմբուին մեր ազգի զաւակները, երկրպագելու Արարիչը տիեզերքին եւ մարդկութեան, փառաւորելու Փրկիչը աշխարհին, եւ աճելու Աւետարանի ուսուցումներով, Մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Վարդապետոթեամբ եւ հոգեմտաւոր մեր հարստութիւններով։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի հովանաւորած այս եզակի ծրագիրը ինքնին Աստուածահաճոյ ձեռանարկ մըն է, հիմնուած քրիստոնէական մեր հաւատքին, եղբայրական սիրոյ ու միասնականութեան, համագործակցութեան, անսակակրկ ծառայութեան եւ մէկ ընտանիք կազմելու ամբողջական համոզումին ու գիտակցութեան վրայ։ Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ հետեւեալը կ՛ըսէ․- «Մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներ ենք. դուք Աստուծո՛յ անդաստանն էք եւ Աստուծո՛յ շինութիւնը։» (3:9): Հետեւաբար, Ձեր իւրաքանչիւրի աղօթքը եւ ներդրումն ու աջակցութիւնը ինքնին դրսեւորումն է բարեպաշտ հայու հաւատքի ամրութեան, որուն խորհրդանիշը պիտի հանդիսանայ համալիրի եւ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր սիւն, քար եւ աղիւս։

Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր Կլէնտըլի մեր համայնքի զաւակներուն քալելու հոգեւոր ճանապարհորդութեան այս ուղիէն։  Շինարարութեան ընթացքին յաճախակի բերանացի եւ գրաւոր զեկումներ պիտի կատարուին բոլորին, անհամբեր սպասելով անոնց բարեյաջող աւարտին։

Այս ուրախ առիթով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան հետեւեալ պատգամը կ՛ուղղէ Կլէնտըլի հայութեան եւ Արեւմտեան Թեմէն ներս ապրող իւրաքանչիւր հայու․-«Երբ ձեր առօրեայ կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին Ձեր կենդանի աչքերով ականատես կը դառնաք համալիրի եւ եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն, թող այդ հայացքն ու պահը վերածուի լուր աղօթական հանգրուանի եւ Քրիստոսի հանդէպ մեր խոր ու արմատաւորուած հաւատքի հզօր վկայութեան»։

Եկէք, Աստուծոյ փառքին, այսօրուայ եւ ապագային գալիք բոլոր սերունդներուն համար միասնաբար կառուցենք մեր հոգեւոր ու ազգի տունը՝ Հայ Եկեղեցին։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները