Թեմ
Հրապարակված է: 12/23/2015
Ո՜վ մանուկ Յիսուս, շուարած հովիւներուն նման` անթարթ աչքերս համեստ մսուրի մէջ ծուարած աստուածային անհունիդ սեւեռած եմ։ Ու մինչ կը ջանամ Սուրբ Ծննդեանդ 2000-ամեայ անչափելի խորհուրդը կշռել, ակնթարթի մը մէջ անցնող տարուան դէպքերը կու գան աչքիս առջեւ։ Աշխարհն ի՜նչ վայրիվերումներով անցաւ՝ ծնողքիդ Նազարէթէն Բեթղեհէմ գալուն պէս։ Նորածի՛ն Յիսուս, կաթնաբոյր անմեղութեանդ հանգստութիւնը տուր մեզ։
Արեւելքէն փրկչարար մեծութեանդ առջեւ երկրպագելու եկած մոգերուն կը դիտեմ․ ակամայէն միտքս կու գան անցնող տարւոյ արեւելքի խժդժութիւնները։ Յիշողութեանս մէջ թարմ են դեռ տարեսկզբի արիւնահեղութիւնները Նայճերոյ եւ Եմենի մէջ։ Աղօթքով կը յիշեմ ահաբեկիչներու կողմէ գլխատուած Եգիպտացի քրիստոնեայ նահատակները։ Ափսոսանքով եւ ցասումով կը մտաբերեմ հնագոյն պատմական յուշարձաններու կործանումը Իրաքի մէջ։ Նորածի՛ն Յիսուս, ծննդեանդ աւետիսով հաշտեցուր մեզ։
Ձմրան ցուրտին մէջ գառնուկներու շունչով ջերմացած օթեւանիդ կը նայիմ ու սիրտս կու լայ անօթեւան գաղթականներուն համար, նաեւ անոնց, որոնք զոհուեցան զանազան բնական աղէտներէ։ Հոգիիս ընդերքը կը ցնցուի անասելի սարսուռէն ահաւոր երկրաշարժերու, որ պատահեցան Նեփալ, Փակիստան, Աֆղանիստան եւ այլուր։ Կը յիշեմ ու կը սգամ մահը հազարաւոր անշիրիմ ճամբորդներու, որոնք անսպասելի հեռացան աշխարհէն օդանաւի, ծովային եւ այլ արկածներու պատճառաւ Եգիպտոսի, Սուտանի, Ինտոնիժայի, Ֆրանսայի, Թայուանի, Մալիի, Պրազիլի, Ուկրանիոյ մէջ եւ այլուր։ Նորածի՛ն Յիսուս, մխիթարէ մեզ։
Եղբայրասպան պատերազմներ, ատելավառ յարձակումներ, ահաբեկիչ պայթիւններ Ափրիկէի, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ արիւնով ներկեցին անցնող 2015 թուականը։ Տակաւին թաց են մեր աչքերը Փարիզի եւ Սան Պերնարտինոյի մէջ տեղի ունեցած անմարդկային ոճիրներէն։ Նորածի՛ն Յիսուս, խաղաղութիւնդ տուր մեզ։
Քո Սուրբ Ծնունդը աղբիւրն է նոր կեանքին՝ ճշմարիտ ուրախութիւնը, այն նոր գինին, որ պիտի զուարթացնէ օրերը կեանքին։ Նորածի՛ն Յիսուս, օրհնեալ ըլլայ ծնունդդ։
Աստուածորդուդ աշխարհ գալով Հայր Աստուծոյ ներգործութիւնն ու սէրն է, որ կը զգանք մեր կեանքէն ներս։ Նորածի՛ն Յիսուս, հոգեւոր երգերով սիրառատ աստուածութիւնդ կ՛օրհնաբանեմ։
Որովհետեւ միայն անսահման սիրոյդ հասկացողութեան մէջ կը պարզուի խորհուրդը Մարդեղութեան եւ հրաւէրը մարդոց փրկութեան։ Այդ հրաւէրին անսալով է, որ կը տօնախմբենք այսօր Սուրբ Ծնունդդ՝ աստուածային ներկայութիւնդ վայելելով։ Փրչկի՛չ աշխարհի, օրհնեալ ըլլայ Սուրբ Ծնունդդ։
Որովհետեւ Քեզի մերձենալով, Քեզի ապաւինելով, լոյսիդ հետեւելով, յանձնառութեամբ ու պատասխանատւութեամբ պատուիրաններդ կատարելով կրնամ աննշան գործիք մը դառնալ փրկչական առաքելութեանդ։ Իշխա՛ն խաղաղութեան, զինուորագրէ մեզ։
Հրաշալի Ծնունդդ խորհրդանիշն է յաղթական կեանքին, այն, որ դեռ կ՛ապրինք ու կը հաւատանք, յուսավառ ենք ու մահէն չենք վախնար, այն, որ թշնամին չկրցաւ յաղթել, այն, որ լաւատես տրամադրութեամբ կը շարունակենք վատը անտեսել, նորէն ընձիւղուիլ, նորէն բարձրանալ ու վերածնուիլ։ Տէ՛ր, մեր 1.5 միլիոն նահատակ սուրբերու բարեխօսութեամբ օրհնէ մեզի։
«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի»։
Յովնան Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ