Սիրելի Հաւատացեալներ,
Հեռատեսիլի միջոցաւ տեղեակ կը դառնանք, որ ներկայիս Հալէպ ծանրակշիռ շրջափակումի մէջ կը գտնուի:
1915 թուի Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին մեծ թիւով հայորդիներ աքսորուեցան դէպի Տէր Զօր, շատեր նահատակուեցան, իսկ ողջ մնացած գաղթականներ Լիբանանի եւ Սուրիայի պետութեանց եւ ժողովուրդներու գթառատ օգնութեամբ, եւ բարեսիրական կարգ մը կազմակերպութիւններու ջանքերուն շնորհիւ, ապաստան գտան Լիբանանի եւ Սուրիայի մէջ, ուր մեր տառապեալ ժողովուրդը նոր կեանք հաստատեց, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ կառուցեց, հիմնեց ազգային կազմակերպու-թիւններ եւ ապահովեց իր գոյութիւնը:
Ցաւով կը յայտնենք ձեզի, որ Հալէպի մէջ ցարդ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ: Շուրջ հինգ տարուան ներքին պատերազմի ընթացքին հայութեան վիճակը այսքան մտահոգիչ չէր եղած եւ այս բոլոր իրադարձութիւնները իրենց վատ ազդեցութիւնը կ'ունենան համայնքի զաւակներուն վրայ:

Տեղեակ կը դառնանք, որ Հալէպի մէջ այսօր ունինք 8000 Հայորդիներու անվտանգութեան խնդիր, հոն մնացած են հիմնականի մէջ չքաւոր հայրենակիցներ, որոնք ցարդ հնարաւորութիւն չեն ունեցած տեղափոխուելու Հալէպէն: Անոնցմէ շատերուն փափաքն է հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ: Կը յուսանք Հայրենիքի Կառավարութիւնը Սփիւռքի Նախարարութեան միջոցաւ ջանք կը թափէ իրականացնելու համար անոնց խնդրանքը:
Սուրիայի ներքին անկայունութեան եւ կատարուած սպաննութիւններու հետեւանքով ցարդ շուրջ 17,000 Հայորդիներ բնակութիւն հաստատած են Մայր Հայրենիքի մէջ, ուր անոնք կÿարժանանան պետական օգնութեան: Բոլորդ տեղեակ էք, որ Արեւմտեան Թեմը հաւատացեալներու աջակցութեամբ, նուիրահաւաքներ կատարեց եւ գոյացած 85,000 գումարը փոխանցել տուաւ Մայր Աթոռի հաշիւին մէջ: Բնական է, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով, Արտասահմանի բոլոր Թեմերն ալ նուիրահաւաք կատարելով մասնակցեցան նիւթական օգնութիւն փոխանցելու Մայր Աթոռ: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստան ապաստանած Սուրիահայութեան եւ մանաւանդ ուսանողներուն:
Առաջնորդարանը ամիսներ առաջ գործադրեց նաեւ բնակարանային ծրագիր մը Միացեալ Ազգերու հետ համատեղուած ուժերով, երբ գոյացաւ եւս 350,000 Տոլարի գումար: Այս ծրագրի ամբողջական վերահսկողութիւնը յանձնուեցաւ Միացեալ Ազգերու Ընկերակցութեան, ըստ իրենց հետ կնքուած փոխադարձ համաձայնութեան: Այս ծրագրին մեր Թեմի մասնակցութիւնը եղաւ 75,000 Տոլար:
Միացեալ Ազգերու Յատուկ Յանձնախումբի գնահատականով, Հայաստան սիրայօժար եւ օրինակելի կերպով հոգ կը տանի Սուրիահայ գաղթականներու բնակարանին հարցերուն: Իսկ 2016ին 500 հայ ընտանիքներ բնակարանային օգնութիւն պիտի ստանան:
Գոհունակութեամբ ձեզի կը յայտնենք, թէ Սուրիահայերու Օգնութեան Հիմնադրամի Յանձնախումբը (SARF) հեռուստացոյցի միջոցաւ նուիրահաւաք կատարելով գոյացուց 1.2 միլիոն Տոլար:
Առ ի գիտութիւն, Արեւմտեան Թեմը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրիահայութեան Օգնութեան Հիմնադրամին (SARF)ին, իսկ Միաւորեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (United Nations) 2014 թուականին յատուկ ծրագիր մշակած է Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած հայ ընտանիքներուն տուներուն վարձքի օգնութեան կապակցութեամբ: Առ ի գիտութիւն, 2015ին United Nations High Commissioner for Refugee, (ՄԱԿ-ի Յատուկ Յանձնախումբը Գաղթականներուն Օգնելու), 1000 Սուրիահայ ընտանիքներուն օգնած է Հայաստանի մէջ բնակարանային վարձքերու ծախսերուն մասնակցելով:
Հալէպի ներկայ կացութիւնը նկատի ունենալով, մեր սրտագին կոչն է Թեմիս համայն հայութեան, որ այսօր Սուրբ Պատարագի ընթացքին «Տէր Ողորմեա»յի յատուկ աղօթք բարձրացնենք Հալէպահայութեան ապահովութեան եւ քաջառողջութեան համար, եւ շարունակենք մեր եղբայրական տնտեսական օգնութիւնը:
Նուիրատուներ կրնան իրենց չէքը գրել եւ ղրկել Առաջնորդարան, հետեւեալ ձեւով. WESTERN DIOCESE - ARMENIAN CHURCH (in memo: Syria Aid)
3325 N. GLENOAKS BLVD., BURBANK, CA 91504
Աղօթենք, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհի եւ Հալէպահայութիւնը զերծ մնայ վտանգէ, այլ ապրի խաղաղութեամբ եւ յուսալից ապագայով:
Մնամք Սիրոյ Ջերմ Ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի
Պըրպէնք, Օգոստոս 12, 2016
Յ. Գ.
Հոգեւոր Հովիւներէն կը խնդրուի Առաջնորդ Սրբազան Հօր կոչը ընթերցել Հաւատացեալներուն՝ Կիրակի, Օգոստոս 14ին, 2016