Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ուխտի Առաջին Այց Արցախ

Թեմ

Հրապարակված է: 09/23/2016


ՈՒԽՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑ ԱՐՑԱԽ

Սեպտեմբեր 5, 2016 թուականին, վաղ առաւօտեան Սբ. Էջմիածնէն կ’ուղեւորուինք Արցախ աշխարհ, երկար տարիներու չիրականացուած երազը առաջին անգամ կեանքի կոչելով: Թէ ինչո՞ւ այսքան ուշացում դէպի Արցախ ուխտագնացութիւնը իրականացնելու համար այդ խորքին մէջ ինձ համար յստակ չէ: Երեւի Աստուծոյ նախախնամութիւնը այս էր:

Ամբողջ ճանապարհին Սբ. Էջմիածնէն-Արարատ, Եղեգնաձորէն Սիսիան ու Գորիս, դեռեւս պատկերացումը չունէի թէ ի՞նչ կը սպասէր ինձ ու ուղեկից իմ հոգեւոր եղբայրներուն: Կ’իրականացնէինք Վեհափառի նախաձեռնութիւնը՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովր գումարել Արցախի մէջ: Եւ առաջին անգամն ըլլալով աւանդութիւնը կը խախտէր Գերագոյնի ժողովը գումարելու Սբ. Էջմիածնէն դուրս:   

Արդէն մուտք կը գործենք Արցախ աշխարհ: Ամէն ինչ կը փոխուի եւ մեր տեսադաշտին ու հոգեմտաւոր մեր էութիւնը կը խորասուզուի անցնող քսանեւհինգ տարիներու յիշողութեանց շարքերուն մէջ եւ այնտեղէն դուրս կը սկսինք պեղել հազարումէկ պատկեր-ներ, Շուշիի հերոսամարտը, հազարներով քաջամարտիկ հայ զինուորներու նահատակու-թիւնը եւ այն քաջ համոզումը, որ ուխտագնացութեան ուղին պիտի անցնէր այն ճանապարհ-ներէն, որոնք նուիրականացած էին մեր հերոսներու արեան գնով:

Չորս օրերու Արցախ ուխտագնացութեան ընթացքը իմ հոգու մէջ կը ներարկէ ներքին այնպիսի ապրումներ, որոնք դժուար թէ կարողանամ բառերու մէջ սեղմել, որպէսզի ընթեր-ցողին հաղորդ դարձնեմ այդ բոլորին: Այս ընթացքին մեզ կը հիւրընկալեն Լեռնային Ղարա-բաղի Հանրապետութեան Նախագահն ու Թեմի Առաջնորդը: Նախագահ Բակո Սահակեանի անձը իր ողջ էութեամբ մաքրութիւն կը հաղորդէր: Զինք անձնապէս եւ մօտիկէն ճանչցած ըլլալով այս անգամ փորձառութիւնս այլ էր: Ականատես կը դառնայինք այն ճշմարտութեան, որ ինք կ’առանձնանար բոլորէն այն իւրովի առանձնայատկութեամբ, որ ժողովուրդի ամբողջական սէրն ու համակրանքը կը վայելէր: Իր առօրեան ժողովուրդին հետ էր: Ազատ ու անկաշկանդ կը քայլէր Ստեփանակերտի մաքուր փողոցներով եւ արժէր տեսնել ժողովուրդի մեծարումը իր նկատմամբ: Իր հերթին նոյնպիսի սէր ու յարգանք կը վայելէր նաեւ Պարգեւ Սրբազանը, որուն էութիւնը արդէն նոյնացած է Արցախի հետ: Երբեւէ չէի տեսած զինք այնքան խանդավառ ինչքան այս օրերուն:

Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, մեր հերթական ժողովի աւարտին, կ’այցելենք զինուո-րական գլխաւոր զօրամասերէն մէկը: Հսկայական դաշտին վրայ տարածուած հազարէ աւելի զինուորներու ներկայութիւնը խորապէս կ’ալեկոծէր ամբողջ էութիւնս: Բնական է ուրախու-թիւնս անսահման էր: Բայց ներքին լուռ ցաւեր կը տառապեցնէին հոգիս, երբ կը վերյիշէի հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալի մեր նահատակներու պատարագումը, որոնց հոգիները անտարակոյս այս պահուն կը սաւառնին հայոց երկնակամարին վրայ: Հայոց Հայրապետը իր պատգամը կը յղէ բոլորին ու այնուհետեւ մուտք կը գործենք իրենց շարքերէն ներս: Չեմ համարձակիր թուղթին յանձնել պատկերները, որոնք ամրագրուեցան իմ հոգու վրայ: Հանդիպման աւարտին, դէպի ինքնաշարժ վերադարձին զօրակայանի  պատին կը կարդամ հետեւեալ ուղերձը. «Եթէ մենք կորցնենք Արցախը, կը շրջենք Հայոց Պատմութեան վերջին էջը»: Այս պատգամը ինքնին կը խօսի թէ ինչպիսի վճռորոշ պահի մը առաջ է կանգնած Հայոց Հայրենիքն ու մեր ազգը…:

Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, մեր ժողովական կեանքի աւարտին կ’այցելենք Գանձասարի վանք: Հրաշագեղ բնութեան սրտին վրայ կանգնած վանքը յիրաւի կը խորհրդանշէր հայուն աննկուն կամքն ու հաւատքի տարողութիւնը: Ես ինձ հարց կուտամ, թէ ժամանակներու ընթացքին, մերթ ընդ մերթ ինչպէս է զրկուած հայը իր աղօթքը կատարելու Գանձասարի խնկաբոյր այս կամարներու ներքոյ: Այս զգացումը կ’ունենայի, որ ուխտաւոր հոգեւորականներու ներկայութեան կը շնչէր Գանձասարը ու անոր սրբատաշ եւ միւռոնաբոյր պատերուն մէջէն կը լսուէին աղօթքը մեր հայրերուն:  Գանձասար մեր ուխտի այցելութեան մեզի կը միանան նաեւ շրջանի հաւատաացեալները մեծով ու փոքրով: Փոքրիկները իրենց քաղցրահունչ երգերով աղօթքի հրաւէր ու կոչ կը դառնային մեզի համար: Մեզի կը միանան նաեւ երիտասարդ զինուորները, որոնք մէկ առ մէկ մոմեր կը վառէին, որոնց լոյսին մէջ ես կը կարդայի իրենց կարօտը օջախին հանդէպ ու ուխտը Հայրենիքի ծառայութեան:

Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, մեր ժողովը կ’եզրափակենք Շուշիի Ղազանչեցոց Սբ. Ամենափրկիչ վանք այցելութեամբ ու Նախագահի կողմէ տրուած ողջերթի ընթրիքով: Շուշիի մէջ Վեհափառի գլխաւորութեամբ կը կատարենք մաղթանք Հանրապետական: Նախագահ եւ ժողովուրդ համախմբուած Մայր Եկեղեցւոյ գմբեթի տակ հաւատքի սրբութիւնը կը վերցնէին իրենց հոգիներուն մէջ: Մոմերու լոյսին տակ հոգիներէն արտաբերուած աղօթքները կ’ամրապնդէին բոլորս: Ի՞նչ էր որ կը կատարուէր այնտեղ: Աստուծոյ աչքի տակ ժողովուրդի մը զաւակներուն իրական կեանքի պատկերն էր այդ, որ ամէն վայրկեան ահ ու սարսափի մէջ կ’ուզէր ապահովել իր երկրի անդորրը, ապրելու համար ազատ:

Նոյն օրը, ցերեկին, Վեհափառի գլխաւորութեամբ կ’այցելենք սահմանագծին ծառայող զինուորներուն, որոնք իրենց քաջարի կեցուածքով կ’ապահովէին իրենց ժողովուրդի խաղա-ղութիւնն ու անվտանգութիւնը:  Մի քանի ժամերու տեւողութեամբ կը ծանօթանանք մեր հրաշք երիտասարդներուն, որոնցմէ ամէն մէկուն կեանքը աղօթք է մեզի համար: Պատահա-բար իմ ուշադրութիւնը կը գրաւէ երիտասարդ զինուորներուն  կացարաններէն մէկու ճակատին գրուած հետեւեալ աղօթքը. «Իմ հոգին ունի զոյգ հենարան. Աստուած եւ Հայրենիք»: Յուզումս կը զսպեմ, բայց ի զուր կ’անցնին փորձերս: Հոգիս կ’ապրի իր նոր ծնունդը: Ո՞վ է այն հայ քրիստոնեան, հայ հոգեւորականն ու մտաւորականը եւ իւրաքանչիւրս անխտիր որ կրնայ անտարբեր մնալ այն պատկերին առջեւ, երբ ջահել երիտասարդները իրենց կեանքը վտանգի են ենթարկած Աստուծոյ սիրով եւ յանուն Հայրենիքի:  Բոլորիս համար զգաստացնող էր հանդիպումը սահմանագծին ծառայող երիտասարդ զինուորներուն հետ: Մենք քաջ պիտի գիտակցինք, որ մեր երիտասարդ զինուորները իրենց կեանքի գնով ծառայութիւն կը մատու-ցեն: Ի՞նչ կը մնայ մեզի եթէ ոչ ծառայել հայ զինուորին ու հաւատալ անոր Մեծ երազին՝ վաղուան Հայրենիքին:

Վարդանանք եւ Ղեւոնդ երէցներ կ’ապրին նաեւ մեր օրերուն: Եթէ խաղաղ ու ապահով է մեր Հայրենիքը, ապա այդ կը պարտինք հայ զինուորին: Ես կը խոնարհիմ հայ զինուորի ծառայութեան առջեւ եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ մեր կեանքը կ’օրհնէ Աստուծոյ սիրովն ու հաւատքը գործնապէս ապրող հայ զինուորին կեանքով:

Արցախ իմ առաջին ուխտի այցելութեամբ, բազում յոյզերով լեցուն է հոգիս: Պարբերա-բար թուղթին պիտի յանձնեմ յուշեր, որոնք իմ հոգու պատկերին ու ներաշխարհին երազն են այսուհետեւ: Հայ հոգեւորականին համար այսօրինակ փորձառութիւն մը զգաստութեան հրաւիրող հոգեւոր ուժականութիւն մը ունի իր մէջ, որպէսզի լիարժէք կերպով մեր մէջ կրողն ըլլանք Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր կեանքը նուիրենք մեր ժողովուրդին: Հայ հոգեւորականին կեանքը կ’արժեւորուի, երբ իւրաքանչիւրս գէթ մէկ զինուորի պատարագեալ կեանքի համա-հունչ ծառայութիւն մատուցենք:

Այսօր, աւելիով կը զգամ թէ մեր մեծերը, որոնց շարքին են Խրիմեաններ, Սուրենեանց-ներ, Յովսէփեանցներ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս, ինչպիսի խոր հաւատքով ու տեսիլքով ապրե-ցան Աստուածատուր իրենց կեանքը: Մինչ այսօր կը խօսին անոնք մեզի, պատմութեան ձայնն ու պատգամն են անոնք այսօր եւ յաւիտեան: Այնքան ժամանակ անհաղորդ կը մնանք իրենց հոգիէն բխած պատգամներուն, ապա այնքան ատեն կը մնանք հոգիով աղքատ ու բոպիկ:

Ժամանակի հրամայականն է, որ ամէն հայ իր տան սեմին արձանագրէ սա խօսքը, որովհետեւ արտաշխարհի մէջ հայ օջախն ալ սահմանագիծն է ուրիշ իմաստով. «Իմ հոգին ունի զոյգ հենարան. Աստուած եւ Հայրենիք»:

                                                                                                         ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ                                                      

 10 Սեպտ. 2016

Լոս Անճելըս վերադարձի ճանապարհին


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները