Թեմ
Հրապարակված է: 10/07/2016
Սուրբ Յարութեան Տաճարը եւ միւս Տէրունակոխ սրբատեղիները, Քրիստոնէութեան ծննդոցէն ի վեր, սեփականութիւնը եղած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Յոյն Օրթոտոքս եւ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան հետ միասնաբար:
Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի լոյս գերեզմանը Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն ի վեր, ցոյց կը տրուէր Երուսաղէմ հին քաղաքին մէջ, ուր Կոստանդիանոս կայսրն ու իր մայրը՝ Հեղինէ կառուցեցին հոյակապ տաճար մը ի յիշատակ Անոր Սուրբ Գերեզմանին եւ Անոր հրաշափառ Յարութեան, 326ին:
1808-ին, հրդեհի մը պատճառաւ Սուրբ Գերեզմանը ծանրօրէն վնասուեցաւ ու կեանքը խլեց Հայոց Տեսչին, որ հոն շտապած էր հրդեհը հանգցնելու համար: Ներկայ Լոյս Գերեզմանի կառոյցը արդիւնք է 1810-ի շտապ վերակառուցման եւ այսօր այն կը գտնուի փլուզման վտանգին մէջ:
Նկատի ունենալով Լոյս Գերեզմանի շէնքին ներկայ վտանգաւոր վիճակը, վերոյիշեալ երեք սեփականատէր ու իրաւատէր յարանուանութիւնները՝ Աթէնքի համալսարանի հնագիտական բաժանմունքէն մասնագէտներ հրաւիրեցին, ստուգելու Սուրբ Գերեզմանի կառոյցը:
Այս տարւոյս սկիզբը, համաձայնագիր ստորագրուեցաւ երեք յարանուանութեանց եւ Աթէնքի համալսարանի հնագիտական բաժանմունքին հետ, սկսելու Սուրբ Գերեզմանի շէնքին վերականգնումի աշխատանքները, որուն ծախքերը պիտի վճարուին երեք սեփականատէր եւ իրաւատէր յարանուանութեանց կողմէ: Անոնք են՝ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը, Երուսաղէմի Յոյն Ողղափառ Պատրիարքութիւնը եւ Սուրբ Երկրի Պահապան Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւնը: Վերանորոգման ծախքերը գնահատուած են իբրեւ 3 միլիոն եւրոյի ծախք: Իւրաքանչիւր եկեղեցի պիտի վճարէ իր բաժինը:
Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը, նամակով դիմում կատարած է Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ սատարելու այս կարեւոր ծրագրին: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հաշուէն՝ 1 միլիոն տոլարի փոխանցում եղած է Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան հաշուին, որպէսզի հայոց բաժինը վճարուի՝ անյապաղ:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր հոգեշունչ յորդորներով քաջալերած է բոլոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմերը, որպէսզի նուիրահաւաք կազմակերպեն՝ այս կարեւոր ծրագրին համար:
Այս գրութեամբ կոչ կ’ուղղենք մեր համայն հաւատացեալներուն մասնակցելու Աստուածահաճոյ այս ծրագրին: Ձեր սրտաբուխ նուէրով դուք կապահովէք Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան վանականներուն կողմէ բարձրացուած հայ աղօթքին շարունակութիւնը համայն մարդկութեան բարօրութեան ընդհանրապէս եւ Հայ Ազգի բարգաւաճման համար մասնաւորապէս:: Նոյն այս Սուրբ Գերեզմանէն էր որ հնչեց հրեշտակին ողջոյնը իւղաբեր կիներուն. “Ինչու կը փնտռէք ողջը մեռելներուն մէջ” (Ղուկ. 24:5): Թափուր գերեզմանը կը խորհրդանշէ Աստուածորդիին Յարութիւնը եւ մահուան վրայ յաղթանակը, զոր Քրիստոնէական Հաւատի հիմն է: Այս ոգիով կը քաջալերենք մեր բարեպաշտ հաւատացեալները իրենց նուիրատւութեամբ մասնակցելու լոյս գերեզմանի վերանորոգութեան ծրագրին:
Ձեր նուիրատւութիւնը կարող էք ղրկել հետեւեալ հասցէով
3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504
memo-ի մէջ նշելով Holy Sepulchre Fund
Բոլոր սրտաբուխ նուէրներուն դիմաց պիտի տրուի տրազերծ ստացագրեր:
Թող Ամենակալն Աստուած օրհնէ բոլորիդ ու ձեր նուէրն ու ուխտը ի կատար ածէ: Ամէն: