Թեմ
Հրապարակված է: 04/28/2017
Երկար տարիներէ ի վեր սկսուած գեղեցիկ աւանդութիւնը շարունակելով, Լոս Անճելըսի շրջանի Հոգեւոր Առաջնորդներ, հայ քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ Կիրակի, Ապրիլ 23-ի կէսօրէ յետոյ հաւաքուեցաւ Մոնթեպէլլոյի Յուշարձանին շուրջ։
Սոյն հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։ Սրբազան Հօր կþընկերանային Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ ծառայող հոգեւորականները։ Մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայորդիներ ներկայ գտնուեցան սոյն հաւաքին, որու ընթացքին գործադրուեցաւ բովանդակալից յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Օրուան յայտագիրը սկսելէ առաջ, հոգեւորականներու կողմէ կատարուեցաւ Սուրբերու յիշատակին նուիրուած Բարեխօսութեան Կարգը։