ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԲԱՆՆ Է
«ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ»

Թեմիս հաստատման 90ամեակին առթիւ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով, Հոկտ. 25-30 Թեմիս Հովուապետական Այցելութիւն պիտի շնորհէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Այս առիթով կը հաղորդենք նաեւ թէ Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելութիւն պիտի շնորհէ նաեւ Մեքսիքոյի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետութեան, որ մաս կը կազմէ Արեւմտեան Թեմի։
Նորին Սրբութիւնը իր պատուիրակութեամբ Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիսապետէ Արարատ Հայ Տարեցներու Տան նոր մասնաշէնքի պաշտօնական օրհնութեան եւ բացման արարողութիւնը։ Նոյն օը երեկոյեան ժամը 7:30ին, Նորին Սրբութիւնը հոգեւորականներու թափօրով եւ երգչախումբի կողմէ երգուած «Հրաշափառ» շարականով, մուտք պիտի գործէ Առաջնորդարանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Բարի Գալստեան Խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28ի առաւօտուն Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Վարժարաններու միացեալ միջոցառում, որուն պիտի յաջորդէ նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը երիտասարդութեան հետ։
Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ եւ իր հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին նախատեսուած է «Մաղթանք Հայրապետական»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք եւ մատաղի օրհնութիւն։
Նոյն օր, երեկոյեան Թեմի 90ամեակին առթիւ, Տաղլեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ ¥Հալիվուտ¤, երեկոյեան ժամը 6:00ին տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին Վեհափառ Հայրապետը Հովուապետական իր անդրանիկ այցը պիտի շնորհէ Մեքսիքոյի Միացեալ Նահանգներու Հայ Համայնքին։
Վեհափառ Հայրապետի Նախագահութեամբ, Նոյեմբեր 2-3ի օրերուն, Առաջնորդարանի մէջ պիտի կայանայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Արեւմտեան Թեմական Խորհուրդը։
Վստահ ենք, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական Այցելութիւնը օրհնաբեր պիտի ըլլայ եւ հոգեկան ցնծութիւն պիտի պատճառէ Թեմիս համայն հաւատացեալներուն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք հեռաձայնել Առաջնորդարանին Գրասենեակը (818) 558-7474 թիւով։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Պըրպէնք, Յուլիս 28, 2017