Թեմ
Հրապարակված է: 08/18/2017
Սոյն թուականի Յուլիս 7-19, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կրօնական Դաստիարակութեան Բաժնի պատասխանատու Մաշտոց Չօպանեանի առաջնորդութեամբ շուրջ 50 ուխտաւորներ մեկնեցան Սուրբ Երկիր Երուսաղէմ:

Ուխտաւորներ այցելեցին այն սրբավայրերը որտեղ մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը այցելեց, քարոզեց, բժշկեց, հրաշագործեց, աւետելով Աստուծոյ արքայութիւնը: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան այցելելու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը եւ հանդիպելու ու մտերմիկ պահ ունենալու Պապրիարք Սրբազան Հօր հետ:


Իրապէս, ամիսներու վրայ տարածուած Աստուածաշունչի սերտողութեան պահերը աւելի իմաստաւորուեցան երբ ուխտաւորները մօտէն հաղորդ դարձան ու ականատես եղան բոլոր այն տեղերուն որոնք նշուած են Աստուածաշունչին մէջ:
Թող ուխտաւորներուն աղօթքը լսելի եւ անոնց ուխտը ընդունելի ըլլայ ամէնայբարի Աստուծոյ:
Տէր խոնարհեցուր ականջդ եւ լսէ աղօթքս: